2014-07-30 11:03:05

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ ` Ուղեղը Թուզի Կուտին Մէջ


Այսօրուան զարգացած աշխարհին մէջ, կրթութեան իւրաքանչիւր ճիւղի մասնագիտութիւնը արժէքաւոր կը նկատուի: ՜՜Մասնագիտացումը՝՝ դէպի զարգացում, դէպի յառաջդիմութիւն եւ դէպի նոր նուաճումներ ընթանալու լաւագոյն ձեւն ու ուղին է:
Հակառակ համաշխարհային սոյն ուղղուածութեան եւ ընդհանուր արեւելումին, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, նոյնիսկ ամէնէն զարգացածներուն պարագային, ու մանաւանդ բարձր կրթութիւն ստացած անձնաւորութիւններու կողմէ կը հանդիպինք այս «օրէնքը» խախտելու բազմաթիւ օրինակներու:
Պետութիւններու եւ կառավարական հիմնարկներու կողմէ իրականացուած ամէն գործողութիւն, անկասկած ընդունելի կը համարենք: Անոնք երբեմն ամէնէն խեղճ նկատուած, կամ տգէտ ու թերաճ համարուող անձնաւորութիւնները գիտեն լաւագոյնս օգտագործել իրենց հետազօտական նպատակները իրականացնելու կամ քրէական տարբեր աստիճանի յանցագործներ քօղազերծելու համար: Անոնք նաեւ կը կազմաւորեն մարդիկ, որոնց ուսումնական առաջին ու վերջին վկայականը տգիտութեան մասնագիտութիւնն է, տգէտ դասախօսներու կողմէ ստորագրուած ու վաւերացուած: Արդիւնքը սկիզբէն իսկ հաստատուած է ու կնքուած իբրեւ ձախող աւարտ: Գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար այդ տեսակ մարդիկ կազմաւորողը եւ հասարակութեան կեանքին մէջ զանոնք ցանողը, Աւետարանի բացատրութեամբ այն «թշնամին» է, որ գիշեր ատեն գալով որոմ կը սերմանէ ցորենի արտին մէջ :
Մինչեւ օրս մեզի այնպէս կը թուար, թէ տգէտը վկայուելէ ետք, ա՛լ ուրիշ աստիճաններ բարձրանալու ձգտում չ՛ունենար: Սակայն սխալած ենք եղեր: Տգիտութեան պարագային ալ աստիճաններ ու բարձրացումներ գոյութիւն ունին, երբ երկար տարիներ «տգէտ ստրուկի» կարգավիճակը կրնայ աստիճանի բարձրացումով դառնալ «տգէտ խորհրդականի» կարգավիճակ: Այստեղ արդէն տեղի կ՛ունենայ դերերու փոփոխութիւն: Ակադեմական կարգավիճակը շնորհողը կը դառնայ աշակերտ, իսկ տգիտութեան բարձրագոյն աստիճանը նուաճողը՝ բնազանցութեան ուսուցիչ: Ընթերցանութեան յատուկ մտաւորական ակնոցներու խորհրդաւոր ծայրամասերէն հանգամանաւոր նայուածքներ, փորձառու մարդոց յատուկ կեցուածքներ եւ այլ խորհրդանշական կապկումներ պարզապէս քանի մը արտաքին երեւոյթներն են, ճանչնալու մարդը որուն ամբողջ գիտութիւնը կարելի է ամբարել թուզի կուտի մը մէջ: Այդ ուղեղին մէջ կը գտնուին միայն ուրիշներու խօսքերը, արտայայտութիւնները, տեսակէտները, որոշումները, քննադատութիւնները, մինչեւ իսկ նախասիրութիւնները: Ուրեմն, ամբողջութեամբ պարապ ուղեղ է հարկաւոր, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ բոլոր նիւթերը տեղադրել այնտեղ: Ահա թէ ինչպէս տգէտը կը դառնայ «իմաստուն» ։ Այն ինչ որ դուրս կու գայ տգէտ «իմաստունին» բերնէն, ատիկա անկասկած ուրիշներու խօսքն է ու վճիռը, որուն կարեւորութիւն տուող իմաստունը կը դառնայ նոյնքան «իմաստուն-տգէտ», ու ան նաեւ կը սպասէ որ աշխարհի ղեկավարներ դիմեն իր խորհրդատուութեան: Եւ երբ ուղեղին մերկութիւնը չկարենայ իր ամօթոյքը ծածկել, ծաղր ու ծանակ կը դառնայ ո՛չ միայն իր շրջապատին մէջ, այլ աշխարհով մէկ:
Թէ ինչպէ՞ս կարելի է ոչնչացնել նման խրտուիլակի մե՜ծ ուղեղին պարունակութիւնը: Շատ հեշտ է. պարզապէս աղօրիք ատամի մը տակ ճզմել այն թուզի կուտը, որուն մէջ կը յուսար ունենալ ան համայն աշխարհի համար իր ամբարած իմաստութիւնը, որով կը յուսար նաեւ կառավարել մեզ բոլորս…
Վերջապէս մէկը պէտք է արթնցնէ նման թշուառականներ, յիշեցնելով անոնց ու գծելով այն սեղմ պարունակը թուզի կուտին, որուն մէջ ամբարած են իրենց ամբողջ գիտութիւնը: Դեռ, պէտք է մէկը արթնցնէ զանոնք, յիշեցնելով թէ ժամանակները կրնան փոխուած ըլլալ, ու իրենց այդ գիտութիւնը պէտք է յաճախակի որակաւորման ենթարկեն: Սակայն հոս հարց կը ծագի, թէ թուզի կուտը հնարաւորութիւն ունի՞ նոր տեղեկութիւններ ներառելու… Դժուար թէ կարենար: Ուրեմն, այդ ալ կ՛ըլլայ այս մեծ «իմաստուններուն» անփառունակ վախճանը: Որովհետեւ անգամ մը որ այնտեղ արձանագրուածները դրոշմուին, ալ դժուար կ՛ըլլայ ջնջել ու նորը արձանագրել: Սա ալ տգէտներու ուղեղին թերութիւններէն մէկն է, ինչպէս տարբեր մարդոց պարագային այլազան թերութիւններ կարելի է թուել:








All the contents on this site are copyrighted ©.